Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Օսմանեան արխիւներու միջազգային 2րդ համաժողով»ը, որուն ընթացքին ի միջի այլոց պիտի քննարկուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:

Յատկանշական է, որ համաժողովին բացումը պիտի կատարէ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, ինչ որ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը աւելի՛ եւս խորացնելու նպատակ կը յուշէ։

Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան՝ համաժողովին պիտի մասնակցին «մտաւորականներ, պատմաբաններ, արխիիւագէտներ», որոնք «հիմնուելով պաշտօնական փաստաթուղթերու եւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն արխիւային նիւթերու վրայ՝ պիտի քննարկեն պատմական փաստերը»:

Շարք մը այլ նիւթերու կողքին պիտի կայանան նաեւ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ արտագաղթը եւ բռնի արտագաղթը» եւ «Լօզանի ու նեղուցներու հարցը» խորագրեալ քննարկումները: