Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Խաչվերաց տօնին` Սեպտեմբեր 15-ին, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու զաւակներու, քոյրերու ու եղբայրներու, հերոսներու անունները կրող հարազատներու մկրտութեան արարողութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, կնքահայրեր պիտի ըլլան զոհուած հերոսներու մարտական ընկերները, ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակցածները:

Մկրտութիւնը պիտի կատարուի Արցախի թեմի առաջնորդ, Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի օրհնութեամբ: Արարողութիւնը կը սկսի ժամը 13:00-ին:

Մկրտութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ մատաղի արարողութիւն: