Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզանքի փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեան յայտնեց, որ այս ուսումնական տարեշրջանին առաջին դասարան մուտք պիտի գործեն 2441 աշակերտներ:

Շնորհաւորելով բոլոր աշակերտներն եւ ուսուցիչները գալիք  տօնին`   գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առթիւ,  Մ. Համբարձումեան  ըսած է.  «Առանձնակի ջերմութեամբ կը ցանկամ շնորհաւորել բոլոր անոնց, որոնք առաջին անգամ մուտք կը գործեն ուսումնական հաստատութիւն: Դպրոցականներուն եւ ուսանողներուն կը մաղթեմ նորանոր  գիտելիքներու  ձեռքբերում, իսկ մանկավարժներուն, որոնց վստահուած է սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան դժուարին, բայց  պատուաբեր  առաքելութիւնը` ստեղծագործական ուժ ու կորով  եւ յաջողութիւններ: Ժամանակակից աշխարհի մէջ բանիմաց ու բարեխիղճ մասնագէտը պետութեան հարստութիւնն է»: