Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Վերջին օրերուն լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Նոր Հորիզոններու Դիմաց» հատորը։ Ան կը պարունակէ ութ տարիներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին պատգամներէն ու գրութիւններէն հատուածներ, որոնք կը շօշափեն մեր եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին, Սփիւռքին ու ազգային պահանջատիրութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ։