Աղբիւր՝ www.yerkir.am

Ինչպէս քանիցս հրատարակած ենք, Թուրքիոյ մէջ շատ ծանր հակազդեցութիւններու տեղի տուաւ Սողոմոն Թէհլիրեանի այն արձանը որ բացուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ ուր կը տեսնուի որ Թէհլիեան ոտքի տակ առած է Թալաթ փաշայի կտրուած գլուխը։ Թուրքիոյ զանազան շրջանակներէն բարձրացող բողոքներուն միացան նաեւ Ատռպէյճանէն բարձրացող բողոքները, կը հայտնե «Նոր Մարմարա»-ն։

«Այտընլըք» կը հաղորդէ թէ Ատրպէյճանի ամէնէն հեղինակաւոր ու ազդեցիկ լրատու կայանները մանրամասնօրեն հաղորդեցին տեղեկութիւններ այն ցոյցի մասին որ որպէս բողոք, Անգարայի Ուլուս հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ Վաթան կուսակցութեան «Էօնճիւ երիտասարդութիւն» կազմակերպութեան կողմէ։